Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, այդքան ալ լաւ արդիւնք չկրցաւ արձանագրել:
Հիմնական մրցաշարքին Արոնեան 4 կէտ ապահովելով գրաւեց 3-րդ դիրքը, իսկ պլից մրցաշարքին գրաւեց նախավերջին դիրքը:
Մրցաշարքին ընթացքին Արոնեան խոստովանեցաւ, որ լաւագոյն մարզավիճակին մէջ չէր` նկատի ունենալով, որ նախորդ դեկտեմբերէն ի վեր ճատրակ չէր խաղար:
Արոնեանէն բացի, մրցաշարքին մասնակցեցան Անիշ Կիրի (Հոլանտա), Ալեքսէյ Շիրով (Լաթվիա), Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան), Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ) եւ Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա):