Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Ամուր Կառչած Մնաց Պարագլուխի Դիրքին
Լուիս Սուարեզ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցան ախոյեանութեան ֆութպոլի մրցումները: Սպանիոյ մէջ, թէեւ Պարսելոնա դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց 18-րդ եւ վտանգաւոր դիրքին վրայ գտնուող Լաս Փալմասի հետ, սակայն ատոր շնորհիւ ամուր կառչած մնաց պարագլուխի դիրքին` ապահովելով 63 կէտ: Լուիս Սուարեզ (6-րդ) եւ Նէյմար (39-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը: Սակայն Ռէալ Մատրիտ 9 կէտով ետ մնաց Պարսելոնայէն, երբ 1-1...




