Մարզական

«Օլտ Թրեֆորտ»-ի Հարաւային Թրիպիւնը Պիտի Անուանակոչուի Պոպի Չարլթընի Անունով

Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքը 2 ապրիլին իր հրապարակելիք պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի հարաւային թրիպիւնը պիտի անուանակոչէ ակումբին անուանի ֆութպոլիստներէն Պոպի Չարլթընի անունով: Այդ անուանակոչումը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ թուականին` նկատի ունենալով, որ ճիշդ 60 տարի առաջ Պոպի Չարլթըն իր նորամուտը նշած էր Եունայթըտի հետ: Նշենք, որ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի հարաւային թրիպիւնը մարզադաշտին միակ պահպանուած բաժինն է 1910-էն ի վեր:

Աթլեթիզմ. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մասնակցի Պուլկարիոյ Ախոյեանութեան

Հայաստանի եւ Մակեդոնիոյ հաւաքականները Պուլկարիոյ Տոպրիչ քաղաքին մէջ միացեալ հաւաքի մը պիտի մասնակցին, այս մասին կը տեղեկացնէ sportal.bg կայքը, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ հաւաքին մասնակցողները 19-20 փետրուարին ելոյթ պիտի ունենան Պուլկարիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան ընթացքին: Տոպրիչէն ետք ախոյեանութեան մասնակցողները պիտի մեկնին Պոլիս, ուր 27 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութիւնը: Պուլկարիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Տոպրոմիր Քարամիրով նշեց, որ միացեալ այս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Շանվիլի Եւ Ժամանակաւորապէս Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Շանվիլի Եւ Ժամանակաւորապէս Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը: Երթին նման ՀՄԸՄ դարձեալ յաղթեց Շանվիլի` 89-81 արդիւնքով (26-28, 47-43, 65-64 եւ 89-81): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց 2-րդ դիրքին, մինչ Շանվիլ մնաց 9-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ:...

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Բարձրացաւ

Հենրիխ Մխիթարեան (ձախէն` երկրորդը) Transfermarket.de կայքին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը 6 միլիոն եւրօ բարձրանալով այժմ հասած է 28 միլիոն եւրոյի: Այս առնչութեամբ ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ ասիկա 27 տարեկան ֆութպոլիստին արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն բարձր ցուցանիշն է: Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին Պորուսիայի հետ իր կատարած 33 մրցումին ընթացքին Մխիթարեան ցարդ նշանակած է 18...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Չելսի, Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ: Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէ Չելսին: Յաջորդական 16 յաղթանակ արձանագրելէ ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն նախորդ շաբաթավերջին «Լիկ-1»-ի մրցումներուն ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիլի հետ, որովհետեւ մեծամասնութեամբ դաշտ ներկայացած էր իր...

Ճատրակ. Արոնեան Արձանագրեց Հաւասարութիւն Մը Եւ Յաղթանակ Մը

Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցող ճատրակի գերմրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 3-րդ հանգրուանին, որուն ընթացքին կը մրցէր ճերմակ քարերով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անիշ Կիրիի (Հոլանտա) հետ: 4-րդ հանգրուանին սակայն, Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց Ալեքսէյ Շիրովի (Լաթվիա): 4-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան 4 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: Նշենք, որ այս մրցաշարքին յաղթանակի համար կը տրուի 2 կէտ,...

Գեղասահք. Անասթասիա Գալուստեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

Նորվեկիոյ Լիլըհեմըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող պատանեկան ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, գեղասահորդ Անասթասիա Գալուստեան գեղասահքի մրցումներուն գրաւեց 7-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Կարճ գեղասահքի մրցումներուն, որոնց մասնակցեցան 16 գեղասահորդներ, Գալուստեան, որ հանդէս եկաւ կրելով թիւ 10-ը, ապահովելով 55,89 կէտ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Ճափոնի ներկայացուցիչը` 60,87 կէտով: Գալուստեան իր յաջորդ ելոյթին պիտի ներկայանայ` ազատ...

«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ-Սթար»-ի Մրցումին` Նոր Մրցանիշ. Արեւմտեան Շրջանը Յաղթեց Արեւելեանին` 196-173 Արդիւնքով

Ռասըլ Ուեսթպրուք Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Ռասըլ Ուեսթպրուք տիրացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ-Սթար»-ի լաւագոյն մարզիկի մրցանակին, երբ երէկ Արեւմտեան շրջանը 196-173 արդիւնքով յաղթեց Արեւելեանին: Այս արդիւնքը նոր մրցանիշ մը եղաւ «Օլ-Սթար»-ի մրցումներուն ընթացքին: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 40-43, 52-47, 53-46 եւ 51-37: Նշենք, որ այս մրցումը Լոս Անճելըս Լէյքըրզի յառաջապահին` Քոպի Պրայընթի համար եղաւ «Օլ-Սթար»-ի վերջին մրցումը: Ան...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Կրնայ Բարձրանալ 116-րդ Դիրք

3 մարտին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 7 դիրքի ոստում մը արձանագրելով կրնայ բարձրանալ 116-րդ դիրք:  

Էդկար Մալաքեան` Կոլի Հեղինակ

Տնեփրոցերժինսքի Սթալ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պելշինայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Այս մրցումին Սթալի հետ դաշտ ներկայացան Էդկար եւ Գոռ Մալաքեան եղբայրները: Մրցումին հաշիւը սքանչելի կոլով մը բացաւ Էդկար Մալաքեան, որուն նշանակած կոլէն ետք Պելշինա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:  

Ֆութսալ. Սպանիոյ Ազգային Խումբը` Եուրօ-2016-ի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը: Ռուսիան 7-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով` Սպանիոյ ֆութսալի ազգային խումբը հռչակուեցաւ ախոյեան:  

Արարատ Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Արարատ Երեւան ֆութպոլի խումբը երէկ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր 20 փետրուարին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին կը մրցի «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեան Նիւ Եորք Քոզմոսի դէմ: Ամերիկեան խումբին մէջ եւս կան հայ ներկայացուցիչներ: Գլխաւոր մարզիչին օգնականն է Լոս Անճելըս Կալաքսիի նախկին յառաջապահ Ալեքօ Իսկանտարեան, իսկ խումբին միջնապահներէն է Յակոբ Չիրիշեան: Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը...

Ըստ Անգլիական Մամուլին. Կուարտիոլա Կրնայ Պաշտօնանկ Ըլլալ

Իր լուրը քաղելով անգլիական express.co.uk կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա կրնայ պաշտօնանկ ըլլալ, եթէ Գերմանիոյ ախոյեանը չյաջողի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին յաղթել Եուվենթուսին: Կը հաղորդուի, որ Պայէրնի պատասխանատուները բաւական դժգոհ մնացած են սպանացի մասնագէտէն, որ ժամանակէն բաւական առաջ իր խումբը լքելու յայտարարութիւնը կատարելով Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչը ըլլալ որոշած էր: Պայէրն Միւնիխի մէջ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա` 0-3

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 14 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ահլի Սայտան: Մրցումը աւարտեցաւ Ահլի Սայտայի յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0): ՀՄԸՄ, որ դարձի մրցումները սկսաւ 3-րդ դիրքին վրայ, 12-րդ հանգրուանին պարտութեամբ սկսաւ իր մրցումները եւ նահանջեց 4-րդ դիրք: Երէկ իր կրած պարտութենէն ետք, ՀՄԸՄ դիրք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 15 փետրուարին, ՀՄԸՄ կը մրցի Շանվիլի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Երկու խումբերն ալ ցարդ կատարած են 8-ական մրցում: ՀՄԸՄ արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն,...

Մխիթարեանի Սքանչելի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Տորթմունտի

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ որ իր դաշտին վրայ աւելի քան 80 հազար համակիրներու ներկայութեան հիւրընկալեց Հանովըր-96-ը, նուազագոյն հաշիւով յաղթեց իր հիւրին: Այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 57-րդ վայրկեանին: Ան գնդակը ստանալով դաշտին կեդրոնէն, ուղղուեցաւ դէպի մրցակիցին մեծ քառակուսին եւ սքանչելի զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց իր կազմին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, նախանցեալ օր կրեց իր առաջին պարտութիւնը Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայէն` 2-1 արդիւնքով: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կատարած նախորդ չորս մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր:

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութսալի խումբը Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութսալի խումբը, որ մրցեցաւ Հալուսիէ խումբին դէմ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 8-2 արդիւնքով: Նշենք, որ վերջին 5 վայրկեանը, ՀՄԸՄ մրցումը շարունակեց 4 մարզիկով, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 4-2 արդիւնքով:

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այսօր Կը Մեկնի Քաթար

Այսօր` երկուշաբթի, 15 փետրուարին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա կը մեկնի Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ` ներկայ գտնուելու համար Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան փակ մարզադաշտերու մէջ (19-21 փետրուար): Նշենք, որ ան Տոհա մեկնելու իր հրաւէրը ստացաւ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Ասիոյ եւ Քաթարի աթլեթիզմի ֆետերասիոններու նախագահ Տահլան Ժըմաան Համատէն: Այս ախոյեանութեան զուգահեռ, Ռոլան Սաատէ յատուկ հանդիպում-ժողովներ պիտի ունենայ...

Լիլըհեմըրի Մէջ Սկսան Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերը

Լիլըհեմըրի Մէջ Սկսան Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերը

Շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ին, Լիլըհեմըրի մէջ (Նորվեկիա) ազդանշանը տրուեցաւ Պատանեկան ձմեռնային երկրորդ ողիմպիական խաղերուն: Բացման հանդիսութեան ընթացքին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ իր ողջոյնի խօսքով շնորհաւորելով բոլոր մարզիկները` մարզական նման միջոցառումի մասնակից ըլլալնուն համար, անոնց յաջողութիւն մաղթեց յաջորդ 10 օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով: Ան աւելցուց, որ այս խաղերը մետալներ ձեռք ձգելէ բացի սքանչելի առիթներ է բոլորին` նոր...

Page 1133 of 1276 1 … 1,132 1,133 1,134 … 1,276

Արխիւներ