Սպանիոյ ազգային մարզական դատարանը կրնայ վերսկսիլ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Անխել Մարիա Վիլիարի նկատմամբ դատավարութեան, կը յայտնէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ»: Վիլիար կը մեղադրուի անօրինական կերպով Ռեքրէաթիւօ եւ Մարինօ ակումբներուն հաշիւին գումար փոխանցելու յանցանքով:
ՖԻՖԱ-ի կանոնակարգին համաձայն, այդ դէպքը կը դիտարկուի իբրեւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործերուն վրայ երկրին կառավարութեան կողմէ ազդեցութիւն ունենալու փորձ:
Եթէ Վիլիարի հասցէագրուած մեղադրանքները փաստուին, երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը եւ տեղական ակումբները կրնան դուրս դրուիլ միջազգային մրցաշարքերէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ Սպանիա պիտի հեռացուի «Եուրօ-2016»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն, իսկ ակումբները` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքերէն:
Այս պատճառով ալ շատ հաւանական է, որ յետաձգուին երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենային 22 ապրիլին:
Նշենք, որ Վիլիարի ներկայացուցիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահին դէմ քրէական գործի յարուցման համար: