Անցեալ տարուան դեկտեմբերին աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցած ըլլալուն պատճառով, Պարսելոնա «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի իր մրցումը չկատարեց Սփորթինկ Խիխոնի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
Յետաձգուած այս մրցումը, որ նախանցեալ օր կատարուեցաւ, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, ինչ որ յաղթական կազմին ունեցած կէտերու տարբերութիւնը` 2-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, բարձրացուց երեքի: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 14 հանգրուան:
Նախքան մրցումը, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նշանակած էր 299 կոլ, անցաւ 300-ի սահմանը (344 մրցումի ընթացքին), երբ նշանակեց 2 կոլ (25-րդ եւ 31-րդ): 3-րդ կոլը նշանակեց Լուիս Սուարեզ (67-րդ):
Նշենք, որ նախքան իր կոլը նշանակելը, Սուարեզ չկրցաւ փենալթի մը իր նպատակին հասցնել: