Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ 2015-2016 տարեշրջանի աւարտին ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ պիտի ստանայ, բազմաթիւ առաջարկներ կը ստանայ:
Ամերիկեան եւ չինական ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ա. Սէ. Միլանի առաջարկներէն ետք, այժմ 34 տարեկան շուէտացին իր կազմին մէջ կ՛ուզէ տեսնել նաեւ Չելսի:
Ֆրանսական եւ միջազգային մամուլին համաձայն, Իպրահիմովիչ ցարդ չէ որոշած, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր ապագան: Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգե՞լ, թէ՞ միանալ այլ կազմի մը: