«Չեմփիընզ լիկ»- ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Եուվենթուս եւ Արսենալ դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Երկարաձգումէն ետք, Եուվենթուս 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայէրն Միւնիխէն` Գերմանիոյ մէջ:
Իսկ Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Արսենալին, այսպիսով իր կարգին ապահովելով յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:


