Երէկ, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սերպիոյ իր հասակակիցներէն` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին:
Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Էրիք Պետրոսեան` մրցումին 26-րդ վայրկեանին:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 17 մարտին, նոյն վայրին մէջ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արամ Ոսկանեան: