
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը:
Մինչեւ մրցումին վերջին երկվայրկեանները անորոշ էր, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ օրուան յաղթականը:
Մրցումին աւարտէն մէկ երկվայրկեան առաջ Մութթահետ կողով մը նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 96-95 արդիւնքով (21-21, 40-51, 77-76 եւ 96-95):
Մրցումին ընթացքին Մութթահետ 16 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Սաժեսին վրայ (44-25):
Սաժեսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թերել Սթակլին 39 կէտ (7 թրի փոյնթ):
Այսպիսով, Սաժես կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը, մինչ Մութթահետ, որ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը, 33-ի բարձրացուց իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ռիատի կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց համակիրներու:


