Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբեք մտադիր չէ հեռանալ իր կազմէն` նկատի ունենալով, որ խումբէն դժգոհութեան ոչ մէկ պատճառ ունի:
«Զիս երբեք չեն հետաքրքրեր շրջան ընող տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց, պիտի լքեմ իմ կազմս` Պայէրն Միւնիխը», ըսաւ Նէօյըր, որուն պայմանագրութիւնը խումբին հետ կ՛աւարտի 2019-ին: