Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Դանիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

29 մարտին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան - Դանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Պատրաստուելու համար այս մրցումին` Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը երէկ սկսաւ մարզական հաւաքի մը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Բարսեղեան մարզական հաւաքին մասնակցելու համար հրաւիրած է հետեւեալ 25 ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Անաթոլի Այվազով...

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Քարեաքինի Հետ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքին 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ աւարտեց  Ռուսիան ներկայացնող Սերկէյ  Քարեաքինի դէմ մրցումը: Այս  հանգրուանէն ետք մրցաշարքի աղիւսակը կը շարունակեն գլխաւորել Սերկէյ  Քարեաքին եւ Լեւոն Արոնեան: Երկուքն ալ ունին 4,5 կէտ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր` երկուշաբթի, 21 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Հուփս մրցումը: Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, այս մրցումը մէկ օրով յառաջաձգուեցաւ»:

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Լռեցուց Իր Աղմկարար Դրացին Պարսելոնա Ինկաւ Հաւասարութեան Ծուղակը Եուվենթուս Ընդարձակեց Յաղթանակի Օղակը

Մանչեսթըր քաղաքի 171-րդ տերպին վերջ գտաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի կարեւոր յաղթանակով Սիթիի դաշտին վրայ: Լիվըրփուլ չկրցաւ Սաութհեմփթընի դաշտին վրայ երկու կոլերու իր առաւելութիւնը պահել եւ 3 յաջորդական կոլեր ստանալով պարտուեցաւ:Պարսելոնա եւս չկրցաւ 2-0 իր առաւելութիւնը պահել եւ երկու կոլեր ստանալով բաւարարուեցաւ հաւասարութեամբ: Արազ Օզպիլիս Սպանիոյ մէջ  Կրանատա - Ռայօ Վայեքանօ մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Արազ Օզպիլիս, Ռայօ Վայեքանոյի կազմին մէջ...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Խումբը Կը Մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի փոխախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը երէկ հասաւ Յորդանան, ուր 21-25 մարտին մայրաքաղաք Ամանի մէջ տեղի կ՛ունենայ արեւմտեան Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հինգ խումբերու. Օրթոտոքսի եւ Շապապ Ֆահիս (Յորդանան), Սրիյէ Ռամալլա (Պաղեստին), Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Լիբանան): ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը. Նաթալի Սվաճեան, Սանտրա Նաժմ, Այտա Պախոս, Մեղրի Թորոսեան, Լէյլա Ֆարես, Սարին Օհանեան, Ճոյս Սալիպա,...

Անասթասիա Գալուստեան 16-րդն Է Պատանիներու Աշխարհի Ախոյեանութեան Մէջ

Գեղասահորդ Անասթասիա Գալուստեան աւարտեց ելոյթները գեղասահքի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան մէջ: Ձմեռնային պատանեկան ողիմպիական խաղերու մասնակից Գալուստեան Հունգարիոյ Տեպրեցեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան մէջ գրաւեց 16-րդ դիրքը:

Եուրա Մովսիսեան Վերադարձէն Ետք Առաջին Կոլը Նշանակեց

Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ  Եուրա Մովսիսեան վերադարձէն ետք առաջին կոլը նշանակեց  Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին: Մովսիսեանի խումբը` Ռէալ Սոլթ Լէյք, հիւրն էր Փորթլենտի եւ բաւարարուեցաւ հաւասարութեամբ` 2-2: Հիւրերուն երկրորդ կոլը 58-րդ վայրկեանին նշանակեց Եուրա Մովսիսեան:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Մապարրա 0-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 20 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մապարրան: Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ հիւրերուն` 1-0 արդիւնքով:

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթի Հերթական Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ այս անգամ Տալաս Մավըրիքսի դէմ հերթական յաղթանակը նուաճեց, եւ իր մարզիկներէն Սթիվըն Քարին նշանակեց 31 կէտ, իսկ մրցումի ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը ճանչցուեցաւ անոր խմբակից Քլէյ Թոմպսըն, որ նշանակեց 39 կէտ: Իսկ օրուան լաւագոյն դրուագը նկատուեցաւ  Քլիվլենտ Քաւալիրզի յառաջապահ Լեպրըն Ճէյմսի «տանք»-ը Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մապարրա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մապարրան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի իրենց կարելին ընել արձանագրելու տարեշրջանի իրենց 9-րդ յաղթանակը եւ աւելիով բարձրանալու ընդհանուր դասաւորման մէջ: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 19 ՄԱՐՏ ԺԱՄ...

Հայկական Ֆութպոլ. Վարուժան Սուքիասեան Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմին Անունները

25 մարտին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Պիելոռուսիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը: Պատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, 21-25 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան, այս մարզական հաւաքին մասնակցելու համար երէկ հաւաքական կազմին հրաւիրեց հետեւեալ մարզիկները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան (Միքա), Գէորգ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ սուր ճակատումներ: Բաւական ուշագրաւ պիտի ըլլայ Անգլիոյ մէջ տեղի ունենալիք Մանչեսթըր քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին վաղը Սիթի պիտի հիւրընկալէ Եունայթըտը: Իտալիոյ մէջ եւս բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլան` Ա. Էս. Ռոմա - Ինթեր Միլան, Ա. Սէ. Միլան - Լացիօ Ռոմա ճակատումները: Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա պիտի փորձէ ամրապնդել...

Հայկական Ֆութպոլ. Գոռ Աղբալեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

Հիրենվենի (Հոլանտա) երիտասարդական խումբին ֆութպոլիստ` Գոռ Աղբալեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումին: Հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ը հաղորդեց, որ 18 տարեկան միջնապահը նախապէս հրաւիրուած էր Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքական: Հայաստան - Դանիա 21 տարեկանէն վար Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29 մարտին:  ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքերու Վիճակաձգութիւն

Երէկ, ուրբաթ, 18 մարտին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականին գծով Փարիզ Սեն Ժերմեն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մանչեսթըր Սիթին, Պարսելոնա` Աթլեթիքօ Մատրիտը, Պայէրն Միւնիխ` Պենֆիքան, իսկ Վոլֆսպուրկ` Ռէալ Մատրիտը: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-6 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 12 ապրիլին: Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա լիկ»-ին քառորդ աւարտականին,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – Շանվիլ` 98-88. Այսօր` Թատամոն – Պիպլոս

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի - Շանվիլ դռնփակ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 98-88 արդիւնքով (23-18, 44-44, 69-68 եւ 98-88): Ռիատի կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց չորրորդ քորթըրին, երբ նշանակեց 30 կէտ, մինչ Շանվիլ նշանակեց 20 կէտ: Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի, Դաշտային Խաղերու Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքները Եւ Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի մրցումներուն արդիւնքները եւ յառաջիկայ շաբաթավերջի դաշտային խաղերու, պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի յայտագիրները. ՇԱԲԱԹ, 12 ՄԱՐՏ 2016` ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ Մեծ- Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան - Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն լոյսին տակ, երէկ 8 խումբեր հրաժեշտ տուին մրցաշարքին: Մրցաշարքէն դուրս մնացին Մանչեսթըր Եունայթըտ, Թոթենհամ, Լացիօ Ռոմա եւ ուրիշներ: Պորուսիա Տորթմունտ անցաւ յաջորդ հանգրուան` այս անգամ իր յաղթանակը արձանագրելով Թոթենհամի դաշտին վրայ: Ստորեւ` 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն արդիւնքները (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները). Պայէր Լեւերքուզըն - Վիարէալ (0-2) 0-0 Լացիօ Ռոմա...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր նստավայրին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) ժողով մը գումարելով տուաւ կարգ մը որոշումներ` լսելէ ետք Պիպլոս-Հուփս մրցումին հսկող անձին, ինչպէս նաեւ իրաւարարներուն տուած մանրամասն տեղեկութիւնները: Ֆետերասիոնը երկու մրցումով կախակայեց Պիպլոսի նախագահ Ժան-Մարք Խալետը, որ վերոնշեալ մրցումին դաշտ մտած էր` բողոքելով իրաւարարներուն տուած որոշումին դէմ: Եթէ պատահի, որ ան չյարգէ այս որոշումը, անոր ակումբը պարտուած կը հռչակուի: Ակումբի...

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Երէկ կէսօրին, Լիբանանի քոնկ ֆուի պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Փորթուգալ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Փորթուգալի միջազգային մրցաշարքին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նաում Սաատէ: Անոր կ՛ընկերանան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա եւ խումբի տնօրէն Թոնի Լաթիֆ: Իսկ մարզիկներն են` Ժորժ Մուաուատ, Էլի Ռըզք, Քրիսթիան Ապտալլա, Քեւին Ապի Ռամիա, Սայիտ Ֆահըտ, Ժոզեֆ Հարպ, Ժորժ Սաատէ, Ռապիհ Աքիքի, Անթուան Տահեր,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք մրցումներ, իւրաքանչիւրը` տարբեր երկրի մէջ: Կեթաֆէ - Էյպար մրցումով այսօր կը սկսի «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանը: Անիկա կը սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: «Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի բացման մրցումը այսօր իրարու դէմ կը հանէ Շալքէն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը, դարձեալ նոյն ժամուն: Վերջապէս, երրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն ժամուն, իրարու դէմ...

Page 1120 of 1276 1 … 1,119 1,120 1,121 … 1,276

Արխիւներ