
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ուիլիըմզ Չիզ» ճաշարանին մէջ (Ժհիթա), Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը պատուեց տղոց պասքեթպոլի իր խումբը:
Այս երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, փոխնախագահ Ֆարես Մըտաուար, ակումբին պատասխանատուները, մարզիկները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Ակումբի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ իր արտասանած խօսքին մէջ քաջալերեց մարզիկները աշխատանք տանելու` ամէն գնով «ֆայնըլ-էյթ»-ի տոմս մը ապահովելու համար:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնին, որ իր ամէն կարելին կ՛ընէ լաւ ախոյեանութիւն մը կազմակերպելու համար, ինչպէս նաեւ` մարզական մամուլին, որ բոլորին հասանելի կը դարձնէ այս մարզաձեւին լուրերը:
Իր կարգին, Նասսար խօսք առնելով յաջողութիւն մաղթեց Լուէյզիի մարզիկներուն: