Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Փիթըր Սվիտլերի հետ:
Մրցումը աւարտեցաւ 41-րդ շարժումին:
Պէտք է ըսել, որ Արոնեան պարտութենէ մը փրկուեցաւ, որովհետեւ անոր մրցակիցը բաւական զգալի առաւելութիւն մը ունէր մրցումին ընթացքին:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Արոնեան 2,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
5-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա: