
Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը իր երկրորդ բարեկամական մրցումը կատարեց, երբ անգամ մը եւս ճակատեցաւ Սերպիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Թէեւ Սերպիա 28-րդ վայրկեանին նշանակեց օրուան առաջին կոլը, սակայն 74-րդ վայրկեանին Էդգար Մովսիսեան հաւասարեցուց արդիւնքը:
Բ. կիսախաղին Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած ազգային խումբը մնաց 10 մարզիկով, երբ Գրիգորի Էմեքսուզեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած առաջին մրցումը աւարտած էր Սերպիոյ յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով:


