Պաշտօնական յայտարարութեան մը ընդմէջէն Ուտինեզէ հաղորդեց, որ Լուիճի Տէ Քանիօ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ:
54 տարեկան մասնագէտը այսպիսով փոխարինեց Շթեֆանօ Քոլան-Թուոնոյին:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ուտինեզէ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը: