Ֆրանսական Պորտօ ֆութպոլի խումբի պատասխանատուները այս շաբաթասկիզբին իրենց գումարած ժողովին ընթացքին որոշեցին պաշտօնանկ ընել խումբին մարզիչը` Ուիլի Սանիոլը, յայտնեց «Լ՛Էքիփ»:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ակումբի նախկին բերդապահ Ուլրիշ Ռամէ անմիջապէս նշանակուեցաւ անոր յաջորդը:
Նախորդ շաբաթավերջին խումբին` 4-0 արդիւնքով կրած ծանր պարտութիւնը հիւր կազմէն` Թուլուզէն, հաշտ աչքով չդիտուեցաւ պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք ստիպուած եղան պաշտօնանկութեան այս որոշումը տալու:
Այժմ Պորտօ, 30-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 38 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը: