
Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտին, Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը Երեւան վերադարձաւ Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հարիւրէ աւելի համակիրներ եկած էին Գիւմրիէն եւ Երեւանէն:

Ըմբշամարտի հաւաքականի Եւրոպայի նորընծայ ախոյեան Վարշամ Բորանեանին ջերմ ընդունելութիւն մը կը սպասէր օդակայանին մէջ:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հաղորդեց նշելով, որ յունահռոմէական ոճի Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան ապահովեց 42 կէտ: Առաջին դիրքը գրաւեց Ռուսիա` 48 կէտով:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ազրպէյճան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան ունեցաւ ախոյեան մը, երկու` փոխախոյեան եւ մէկ պրոնզէ մետալակիր:


