Կազմակերպութեամբ «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան, 16 վարժարաններու եւ հաստատութիւններու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ նահատակ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարքը` երկրորդ տարին ըլլալով:
Մրցաշարքը արդէն իսկ կտրած է իր կէս ճամբան` նկատի ունենալով, որ մրցումները արդէն իսկ հասած են քառորդ աւարտական:
Այդ չորս խմբակներէն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Շանվիլ, Մաքասետ (Ա. խմբակ), Սաժես, Մոն լա Սալ (Բ. խմբակ), Ռըսոլ Ժունիէ, Լիսէ Ապտել Քատեր (Գ. խմբակ), Զահրաթ Իհսան եւ Լուիզ Վեկմըն (Դ. խմբակ):
Նշենք, որ մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, որ թէեւ լաւ արդիւնքներ յաջողեցաւ ձեռք ձգել, բայց չկրցաւ քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովել:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 19 մարտին:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) եւ «Վի. Քլապ»-ի դաշտերուն վրայ (Ժալ էլ Տիպ):
Այս մրցաշարքը կը վայելէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: