Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 35-62

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս 3-րդ Մրցումը` Երկուշաբթի, 25 Ապրիլին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք երկու մրցումներ թուականի եւ ժամի փոփոխութիւն կրեցին: ՀՄԸՄ - Հուփս 3-րդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար կիրակի, 24 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, թուականի փոփոխութիւն կրած է: Անիկա նոր յայտագիրին հիմամբ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 35-62

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 35-62

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հուփս իր դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումին 4 քորթըրներուն ալ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները տիրապետելով տարին վերջնական յաղթանակը` 62-35 արդիւնքով (18-8, 14-7, 20-15 եւ 10-5): Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը նշանակեցին` Սանտրա Նաժըմ (12 կէտ), Քաթերին Հաժ (10), Լէյլա Ֆարես, Մեղրի Թորոսեան (9-ական), Մակի Զաքարեան,...

Պէյրութի Մարզական 9-րդ Խաղեր. «Միւրեքս» Առաջին` 44 Մետալով

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի մարզական 9-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 4 հազար երկսեռ անձերու (մրցանիշ մը), որոնք կը ներկայացնէին 26 տարբեր ընկերութիւններ: «Միւրեքս» ընկերութիւնը հանդիսացաւ առաջին` տիրանալով 44 մետալի (17 ոսկի, 14 արծաթ եւ 13 պրոնզ): Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Աուտէ» դրամատունը` 20 մետալով (11 ոսկի, 8 արծաթ եւ 1 պրոնզ), իսկ 3-րդ դիրքը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ: Ֆետերասիոնը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ռիտա Անթարին եւ Եուսեֆ Մոհամետին, որոնք իրենց միջազգային ասպարէզը աւարտեցին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: Որոշուեցաւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցում կատարել Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: Մանրամասնութիւնները պիտի յստականան աւելի ուշ: Ահլի Նապաթիէի նախագահ Մոհամետ Պիթար մէկ տարիով...

Հայկական Մարզաշխարհ. Վոլիպոլ. 25 Մարզիչներ Առաջին Կարգի Վկայագիր Ստացան

Հայաստանի մէջ աւարտեցան «Volleyball your way- Coaches course level 1» մարզիչներու որակաւորումի դասընթացքները: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, հինգ օրուան դասընթացքներուն վերջին օրը մասնակցողները յանձնեցին իրենց կատարած քննութիւնները: Դասընթացքներուն աւարտէն ետք, Հայաստանի 25 մասնագէտներ Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ ստացան մարզիչի որակաւորման առաջին կարգի վկայագիրներ:

Եուրօ-2016. Մարքիզիօ Շատ Հաւանաբար Բացակայի Մրցաշարքէն

Եուվենթուսի միջնապահ Քլաուտիօ Մարքիզիօ, որ Փալերմոյի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի մրցումին բաւական ծանր վնասուածք ստացաւ, շատ հաւանաբար բացակայի Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Եուվենթուս յայտնեց, որ ան պէտք է շատ արագ ժամանակամիջոցին վիրաբուժութեան ենթարկուի: 30 տարեկան միջնապահին ապաքինման համար, ըստ երեւոյթին, կը պահանջուի բաւական երկար ժամանակ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Եուրօ-2016-ը արդէն իսկ աւարտած կ՛ըլլայ:  

Յունաստանի Մէջ Վառեցաւ Ռիոյի Ողիմպիական Խաղերուն Ջահը

31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կրակի վառման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, Յունաստանի Օլիմփիա աւանի Հերայի տաճարին մէջ: Աւանդութեան համաձայն, կրակը վառեցին տաճարի քրմուհիներուն դերը կատարող դերասանները: Այժմ ողիմպիական խաղերուն ջահը Յունաստանի մէջ պիտի մնայ շուրջ մէկ շաբաթ, ապա 27 ապրիլին օդանաւով կը հասնի Պրազիլի մայրաքաղաքը, ուրկէ 3 մայիսին կը սկսի կրակի փոխանցումի վազքը: Անիկա 95 օրերու ընթացքին պիտի անցնի 329...

Նէօյըր Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի Հետ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: 30 տարեկան ֆութպոլիստին հետ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Նշենք, որ ան 2011-ին Շալքէէն միացաւ Պայէրն Միւնիխի:  

Նէյմար Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն

Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար, Պրազիլի ողիմպիականի խումբին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռիօ-2016-ի խաղերուն: Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 3-21 օգոստոսին: Պարսելոնա, որ հրապարակեց այս լուրը, յայտնեց, որ ակումբը Նէյմարին կը թոյլատրէ մասնակցիլ ողիմպիական խաղերուն, բայց ոչ` «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Հուփսի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, մինչ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ մրցակիցին դաշտը եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) 12-16 ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 խումբեր, բաժնուած` 10 խմբակի: Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները անցան Բ. հանգրուան: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէր երկրորդ խմբակին, տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով գրաւեց պարագլուխի դիրքը եւ հասաւ աւարտական հանգրուան:...

Յունահռոմէական Ոճի 4 Ըմբիշներ Կը Մասնակցին Մոնկոլիոյ Վարկանշային Մրցաշարքին

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ մեկնեցաւ Մոնկոլիա` մասնակցելու համար ողիմպիական խաղերու վարկանշային երկրորդ մրցաշարքին: Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովելու համար պիտի պայքարին Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ): Նախապէս յայտարարուեցաւ, 85 քկ դասակարգի մրցումներուն պիտի...

«Փրօ» Արտօնագիրի Դասընթացքին Մասնակցող Մարզիչները Մեկնեցան Ֆրանսա

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին «Փրօ» արտօնագիրին դասընթացքին մասնակցող մարզիչները մեկնեցան ֆրանսական Մոնփելիէ քաղաքը` 20-26 ապրիլին հետեւելու համար իրենց հերթական դասընթացքին: Անոնք պիտի ծանօթանան Մոնփելիէի ակումբին ենթակառոյցին, պիտի հետեւին առաջին խումբին փորձերուն, հանդիպումներ պիտի ունենան ակումբին թեքնիք տնօրէնին, գլխաւոր մարզիչին, ֆութպոլի ակադեմիային պատասխանատուներուն, պիտի ծանօթանան մանկապատանեկան ֆութպոլի զարգացման ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի ըլլան եւ պիտի վերլուծեն Մոնփելիէի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Հուփսէն` 76-57 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` «ֆայնըլ-էյթ»-ի (փլէյ-օֆ) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս - ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը: Հուփս դարձեալ յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն: Անիկա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (ընդամէնը` 5 մրցում), այս անգամ` 76-57 արդիւնքով (21-15, 38-31, 61-47 եւ 76-57): ՀՄԸՄ-ի խաղաոճը յատկանշուեցաւ կարգ մը թերութիւններով: Մարզիկներուն...

Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ օժանդակութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, ուրբաթ, 15, շաբաթ 16 եւ կիրակի, 17 ապրիլին, Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 140 երկսեռ խաղացողներ, որոնցմէ 32-ը` հայեր, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ...

Մարմնամարզութիւն.  Ճեմարան Ունեցաւ Երկու Ախոյեան

Մարմնամարզութիւն. Ճեմարան Ունեցաւ Երկու Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ վարժարաններէ եկած երկսեռ աշակերտներու: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տարրական բաժինէն Գ. դասարանի աշակերտ Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-ի ծնունդ դասակարգին մէջ Լիբանանի ախոյեան, իսկ նախակրթարանի Դ. դասարանէն Քրիստ Պարսումեան` 2006-ի ծնունդ դասակարգի Լիբանանի ախոյեան: Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ Քրիստը` անոնց ձեռք ձգած այս բացառիկ...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ. Մարիանա Սահակեան Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

PROFOTO Երէկ` երեքշաբթի, 19 ապրիլին, Հոնկ Քոնկէն Պէյրութ վերադարձաւ Մարիանա Սահակեան, որ ձեռք ձգեց 2016-ի Ռիոյի ողիմպիականի փինկ փոնկի խաղերուն իր տոմսը, երբ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ ան արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան: Սահակեանը դիմաւորելու եկած էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան...

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 3 Արծաթ Եւ 1 Պրոնզ Մետալի

Երէկ Պահրէյնէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն: Հոն Լիբանան տիրացաւ 4 մետալի (3 արծաթ եւ 1 պրոնզ): Լիբանանի համար արծաթ մետալներ ապահովեցին Ժան Քլոտ Ապու Ֆայսալ, Մահմուտ Տաու եւ Սարա Ճօ Քըրթպաուի: Վերջինս տիրացաւ նաեւ պրոնզ մետալի մը: Այս առիթով Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 19 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Հուփս-ՀՄԸՄ երկրորդ ճակատումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ իր կատարած առաջին մրցումին 5 կէտի տարբերութեամբ` 70-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հուփսէն, նախորդ ուրբաթ օր: Յաջորդ հանգրուան...

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Դիմաւորուեցաւ Մեծ Շուքով

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Դիմաւորուեցաւ Մեծ Շուքով

Երէկ` երկուշաբթի, 18 ապրիլին, Երեւանի Զուարթնոց օդակայան կը գտնուէր հոծ բազմութիւն մը, որ դիմաւորելու եկած էր Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականը, որ կը վերադառնար Նորվեկիոյ Ֆորտէ քաղաքէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Եւրոպայի ծանրաբարձութեան լաւագոյն խումբը դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ...

Page 1110 of 1276 1 … 1,109 1,110 1,111 … 1,276

Արխիւներ