Երէկ` երկուշաբթի, 18 ապրիլին, Երեւանի Զուարթնոց օդակայան կը գտնուէր հոծ բազմութիւն մը, որ դիմաւորելու եկած էր Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականը, որ կը վերադառնար Նորվեկիոյ Ֆորտէ քաղաքէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան լաւագոյն խումբը դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, այլ անձնաւորութիւններ եւ մարզասէրներ:
Նշենք, որ Նորվեկիոյ մէջ հայրենի ծանրաբարձները արձանագրեցին գերտպաւորիչ արդիւնքներ` գերազանցելով բոլորին: