Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Երկրորդ Մրցումը

April 19, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 19 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Հուփս-ՀՄԸՄ երկրորդ ճակատումը:

Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ իր կատարած առաջին մրցումին 5 կէտի տարբերութեամբ` 70-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հուփսէն, նախորդ ուրբաթ օր:

Յաջորդ հանգրուան («ֆայնըլ-ֆոր») կը հասնին այն խումբերը, որոնք 5 մրցումէ 3 յաղթանակ կ՛արձանագրեն:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, մոռնալով իրենց կրած առաջին պարտութիւնը, պիտի փորձեն ամէն գնով արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1 արդիւնքով:

Ամէնէն կարեւորը խմբային խաղաոճ կիրարկելն է եւ առաւելագոյն կէտերը նշանակելը` մրցակիցին կողովին մէջ:

Նախորդ շաբաթավերջին Հուփս ակումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ըսելով, որ պիտի չկարենայ ընդունիլ ՀՄԸՄ-ի համակիրները` նկատի ունենալով, որ այժմ ախոյեանութիւնը հասած է կարեւոր հանգրուանի մը եւ կ՛ուզէ, որ դաշտին վրայ ներկայ ըլլան միայն իր համակիրները:

Հաղոդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հուփս ոչ մէկ հարց ունի ՀՄԸՄ-ի կամ այլ ակումբներու հետ` նկատի ունենալով, որ անցեալին միշտ ալ իր դռները բաց եղած են բոլոր ակումբներուն համակիրներուն համար, անխտիր:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին եւ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Մութթահետ 68-62 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին:

Իր կարգին, իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Սաժես, որ 80-76 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը:

Նախորդը

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Դիմաւորուեցաւ Մեծ Շուքով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին
Մարզական

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

January 16, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

January 16, 2026
Ուասլ.  Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.