Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Հուփսէն` 76-57 Արդիւնքով

April 20, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն PROFOTO
Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` «ֆայնըլ-էյթ»-ի (փլէյ-օֆ) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս – ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը:

Հուփս դարձեալ յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն: Անիկա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (ընդամէնը` 5 մրցում), այս անգամ` 76-57 արդիւնքով (21-15, 38-31, 61-47 եւ 76-57):

ՀՄԸՄ-ի խաղաոճը յատկանշուեցաւ կարգ մը թերութիւններով: Մարզիկներուն մօտ անորոշ վիճակ մը կը տիրէր, անոնց միջեւ փոխանցումները կա՛մ չէին ըլլար եւ կա՛մ կ՛ըլլային սխալ, անոնց հարուածած գնդակները միշտ կ՛ըլլային հեռու` Հուփսին կողովէն, դաշտին վրայ կը շարժէին դանդաղ, մինչ Հուփսի մօտ ճիշդ հակապատկերն էր:

Մրցումը քիչ մը դանդաղ սկսելէ ետք, ՀՄԸՄ երրորդ քորթըրին առաջին 5 վայրկեանը կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց մէկ կէտի միայն: Սակայն Հուփս, որ երրորդ քորթըրին սկիզբը կորսնցուց իր մարզիկը` Անթուան Պարպուրը (որ վիրաւորուեցաւ), միշտ ալ ճեղքելով ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծը, կը շարունակէր կէտեր նշանակել:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Նետիմ Սուէյտ եւ Տուայն Ճեքսըն (11-ական), մինչ Հուփսէն Թայրըն Նելսըն` 19 կէտ:

Հուփս 27 թրի փոյնթերէն 10-ն հասցուց իրենց նպատակին (37 տոկոս), մինչ ՀՄԸՄ` 34 փորձերէն 5-ը միայն (14,7 տոկոս):

Նախքան Հուփսի դէմ տեղի ունենալիք երրորդ մրցումը, կ՛ակնկալուի, որ խումբին մէջ տիրող անորոշ վիճակին լուծում մը գտնուի եւ կազմը յաջողի վերագտնել ինքզինք եւ իր մրցումները կատարել այն ձեւով, որ կը կատարէր նախապէս:

Նախորդը

Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նշմար.  Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները
Մարզական

Նշմար. Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները

February 25, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան

February 25, 2026
Փինկ Փոնկ.  Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը
Մարզական

Փինկ Փոնկ. Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.