Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք երկու մրցումներ թուականի եւ ժամի փոփոխութիւն կրեցին:
ՀՄԸՄ – Հուփս 3-րդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար կիրակի, 24 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, թուականի փոփոխութիւն կրած է:
Անիկա նոր յայտագիրին հիմամբ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, սակայն երկուշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Իսկ Ռիատի – Լուէյզի մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երեքշաբթի, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի մէջ, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, նոյն վայրին մէջ:


