Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ վարժարաններէ եկած երկսեռ աշակերտներու:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տարրական բաժինէն Գ. դասարանի աշակերտ Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-ի ծնունդ դասակարգին մէջ Լիբանանի ախոյեան, իսկ նախակրթարանի Դ. դասարանէն Քրիստ Պարսումեան` 2006-ի ծնունդ դասակարգի Լիբանանի ախոյեան:
Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ Քրիստը` անոնց ձեռք ձգած այս բացառիկ յաջողութեան համար, անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ: