Հայաստանի մէջ աւարտեցան «Volleyball your way- Coaches course level 1» մարզիչներու որակաւորումի դասընթացքները:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, հինգ օրուան դասընթացքներուն վերջին օրը մասնակցողները յանձնեցին իրենց կատարած քննութիւնները:
Դասընթացքներուն աւարտէն ետք, Հայաստանի 25 մասնագէտներ Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ ստացան մարզիչի որակաւորման առաջին կարգի վկայագիրներ: