Մարզական

Փարիզ Սեն Ժերմենի 2015-ի Եկամուտը` 484 Միլիոն Եւրօ

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին 2015-ի տարեկան եկամուտը կը կազմէ 484 միլիոն եւրօ: Այս գումարը քառապատիկը աւելի է այս տարեշրջանի ախոյեանութեան դասաւորման 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյի տարեկան եկամուտէն: (117,4 միլիոն եւրօ): Մայրաքաղաքի կազմը աշխատավարձերուն վրայ ծախսած է 254,9 միլիոն եւրօ: Ա. դասակարգի բոլոր խումբերուն եկամուտը կազմեց 1,4 միլիառ եւրօ:

Պարսելոնա Պուսքեցի Համար 100 Միլիոն Եւրոյի Առաջարկ Մը Ստացած Է

«Մարքա» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեցը: Կը հաղորդուի, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար մայրաքաղաքի կազմը Պարսային առաջարկած է 100 միլիոն եւրօ: Իսկ անոր իբրեւ տարեկան աշխատավարձ Սեն Ժերմեն պատրաստ է վճարելու 16 միլիոն եւրօ:...

Մաթց Հիւմելսի Հրաժարագինը` 38 Միլիոն Եւրօ

«Պիլտ» կը տեղեկացնէ, որ Պայէրն Միւնիխ կը շարունակէ ամէն ճիգ ի գործ դնել` ձեռք ձգելու համար Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Մաթց Հիւմելսի ստորագրութիւնը: Իր ֆութպոլիստը ազատ կացուցելու համար Տորթմունտ յայտնեց, որ անոր հրաժարագինն է 38 միլիոն եւրօ: Նախապէս 27 տարեկան գերմանացին Պայէրնի պատասխանատուներուն տեղեկացուցած էր, որ կը մտածէ այլ խումբի մը մասին: Նշենք, որ Պայէրն Հիւմելսի համար տարեկան 10 միլիոն եւրօ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Հուփսին Պարտադրեց Հինգերորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հուփսին Պարտադրեց Հինգերորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի (փլէյ-օֆ) չորրորդ մրցումը` Հուփսի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, առաջին երկու մրցումները աւարտեցան Հուփսի յաղթանակով, իսկ երրորդը` ՀՄԸՄ-ի: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար սխալիլը արգիլուած էր` նկատի ունենալով, որ եթէ Հուփս իր երրորդ յաղթանակը արձանագրէր, ՀՄԸՄ դուրս պիտի մնար մրցաշարքէն:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Մատրիտի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումին ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ Մատրիտի մէջ հիւրը եղաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ դաշտին տիրոջմէն: Աւելի քան 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սաուլ Նիկես նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 11-րդ վայրկեանին: «Էսթատիօ Վիչենթէ Քալտերոն»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին գլխաւոր իրաւարարն էր անգլիացի Մարք Քլաթենպըրկ: Նշենք, որ կիսաւարտականի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան...

Արսէն Պապիկեան` Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնակատար

Ռուսական Քուպան ֆութպոլի խումբը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ գլխաւոր մարզիչ Սերկէյ Թաշուեւ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն: Այժմ գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները պիտի կատարէ քրասնոտարեան ակումբին մարզիչներու խմբակին մաս կազմող հայ մասնագէտ Արսէն Պապիկեան, յայտնեց ArmSport.am: Նշենլ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն 5 հանգրուան առաջ, Քուպան կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը` մէկ կէտով միայն հեռու մնալով վտանգաւոր դիրքէն: Հայկական աղբիւրը իր...

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած` երեք օրերու վրայ երկարող տարիքային ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթի ներկայացուցչական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ 21, 22 եւ 23 ապրիլ 2016-ին, Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` 2001/2002 - 2003/2004 եւ 2005/2006-ի ծնունդ,այս մրցաշարքին ներկայացուցին ՀՄԸՄ Պէյրութն ու Պուրճ Համուտը: Անոնք բաւական լաւ արդիւնքներով վերադարձան` ունենալով նոր ախոյեան: Մրցաշարքին մնացեալ տարիքային բաժինի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի...

Լիբանանի Ֆութպոլի. Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը: Վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, քննարկուեցան օրակարգի վրայ եղող հարցերը: Նըժմէ մէկ միլիոն, իսկ Անսար հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան իրենց անկարգապահ համակիրներուն պատճառով: Անսարի պատասխանատուներէն Ժամալ Թահա 2 ամիսով կախակայուեցաւ իր ոչ մարզավայել կեցուածքին պատճառով: Իժթիմահիի պատասխանատուներէն Մարուան Համզէ նոյն պատճառով մէկ շաբաթով կախակայուեցաւ: Այսքանը`...

Լեւոն Թաշճեան Վազեց Բոլոր Հայ Նահատակներու Յիշատակին

Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, Ռաշայայի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 21 քմ վազքի մրցում մը: Կէս մարաթոնը նուիրուած էր գիւղի տօնին եւ անոր հասոյթը պիտի տրամադրուէր քաղցկեղով տառապող մանուկներուն: Այս կէս մարաթոնին մասնակցեցան 3000 երկսեռ մարզիկներ` շրջանի ակումբներէն, դպրոցներէն, միութիւններէն ու լիբանանեան բանակէն: Ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ: Լեւոն Թաշճեան կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-Այնճարը: Ան շրջանի քաղաքապետին ներկայացուց իր նպատակը`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս` 91-58. Այսօր` 4-րդ Մրցումը

ՀՄԸՄ-ի կազմը վերջին մրցումինPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ (փլէյ-օֆ), այսօր` չորեքշաբթի, 27 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հուփս-ՀՄԸՄ չորրորդ մրցումը: Հուփս առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք, երրորդին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, 33 կէտի տարբերութեամբ` 91-58...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականի Նորեկը Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականի Նորեկը Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Մոնկոլիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի նորեկը` Գէորգի Քեթոյեւ, 97 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին: Ան աւարտականին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչին: Գօտեմարտին ընթացքին Գէորգի Քեթոյեւ, որ կը պարտուէր 3-0 արդիւնքով, հետզհետէ բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ եղաւ վերջնական յաղթականը: Նշենք, որ վերջերս Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած ըմբիշը արդէն իսկ ապահոված էր ողիմպիականի իր...

Միջազգային Ֆութպոլ. Թրաքայ Հասաւ Աւարտականին` Շնորհիւ Արշակեանի Կոլին

Լիթուանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն, Թրաքայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ կազմին` Սուտովային: Նկատի ունենալով, որ Թրաքայ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Դարձի այս մրցումին, Թրաքայի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:

Խուրշուդեան. «Կեանքի Գնով Պէտք Է Կարենանք Հայաստանի Դրօշակը Ծածանել Ողիմպիական Խաղերուն»

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեաններ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ Նազիկ Աւդալեան մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս յաջողեցան ձեռք ձգել իրենց յաղթանակները: Խուրշուդեան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին ըրաւ, որ կարենայ հայ ազգը ուրախացնել, որոշ չափով զայն մխիթարել եւ իր յաղթանակը նուիրել Արցախի մէջ կռուող տղոց: Ան ըսաւ, որ այժմ իրենց դիմաց ունին շատ աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. կեանքի գնով յաղթական...

«Փորշ» Ընկերութիւնը Ներկայացուց 911 Տիպի Իր Վերջին Ինքնաշարժը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, «Փորշ» ընկերութիւնը ներկայացուց 911 տիպի իր վերջին ինքնաշարժը, որ օժտուած է բացառիկ յատկութիւններով: Այս առիթով յատուկ խօսք մը արտասանեց Լիբանանի մէջ «Փորշ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ասաատ Ռուֆայէլ: Ան 911 տիպի ինքնաշարժին մասին տուաւ մանրամասն տեղեկութիւն` շեշտելով այն կարեւոր կէտը, որ անիկա շատ լաւ ուսումնասիրուած ինքնաշարժ մըն է եւ այդպէս ալ...

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուին Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ` 0-0. Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պայէրն Միւնիխ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Սիթի - Ռէալ Մատրիտ մրցումը, որ աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ` 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Այսօր, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտի:  

Կաթուզօ Մինչեւ Տարեշրջանին Աւարտը Կախակայուեցաւ

Իտալական Փիցայի մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ իրաւարարին հասցէին ուղղած իր վիրաւորական խօսքերուն համար Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը կախակայուեցաւ (3 մրցումով): Փոնթեթերէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1), 38 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը այս մրցումը շարունակեց դաշտին թրիպիւնէն, երբ իրաւարարին կողմէ դաշտէն վտարուեցաւ: Ներկայիս Փիցա իտալական Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ կը մասնակցի Բ. դասակարգի տոմս...

Փինկ Փոնկ. Լիբանան Յաղթեց Պելճիքային Եւ Անտորրային

Ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի առաջին ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Պելճիքայի մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան: 21 տարեկանէն վար (տղաք եւ աղջիկներ) այս ախոյեանութեան, Լիբանան իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեց Պելճիքայի եւ Անտորրայի, երկուքն ալ` 2-0 արդիւնքով: Լիբանանի կազմին մէջ են` Մալեք Խուրի եւ Մոհամետ Համիէ: Նշենք, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախկին նախագահ` Միշել Տը Շատարեւեան,...

Ժիւտօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Դաւթեան Յաղթեց Թուրք Մարզիկին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 4 ներկայացուցիչները` Յովհաննէս Դաւթեան, Գարիկ Յարութիւնեան (60 քկ), Ֆերտինանտ Կարապետեան (66 քկ) եւ Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ): Դաւթեան թէեւ հասաւ քառորդ աւարտական, սակայն պարտուեցաւ իր իտալացի մրցակիցէն: Սակայն պրոնզէ մետալին համար մղած իր պայքարին Դաւթեան, յաղթելով թուրք Պեքիր Օսլույին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Այս մասին կը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումները, մանաւանդ Սպանիոյ մէջ, պիտի ըլլան բաւական սուր: Տիտղոսին համար պայքարը բաւական զօրաւոր է` Պարսելոնայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 35-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ                   ԺԱՄ Մանչեսթըր Սիթի (4) - Սթոք Սիթի (9) 14:45 Պուրնըմաութ (13) - Չելսի (10)...

Մաքսիմ Մանուկեան Ողիմպիականի Տոմս Ապահովեց

Մաքսիմ Մանուկեան Ողիմպիականի Տոմս Ապահովեց

Մաքսիմ Մանուկեան Մոնկոլիոյ մէջ արդէն իսկ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանիշային մրցաշարքը: 85 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Մաքսիմ Մանուկեան, յաջորդական իր երկու յաղթանակներուն շնորհիւ հասաւ քառորդ աւարտական, ապա` կիսաւարտական: Այս արգելքներն ալ շրջանցելով, ան հասաւ աւարտական հանգրուան: Այս մէկը կը նշանակէ, որ Մանուկեան ապահովեց «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականին իր տոմսը: Ռոման Ամոյեան սակայն (59 քկ), զտումի մրցումներուն պարտութիւն կրեց իրանցի իր...

Page 1109 of 1276 1 … 1,108 1,109 1,110 … 1,276

Արխիւներ