Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ օժանդակութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, ուրբաթ, 15, շաբաթ 16 եւ կիրակի, 17 ապրիլին, Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 140 երկսեռ խաղացողներ, որոնցմէ 32-ը` հայեր, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ թիւ մը:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն արդիւնքները.
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.– 1.- Ամալ Քիլանի, 2.- Եասմին Ֆարրա եւ 3.- Ասմալ Հուսարի:
ՏՂԱՔ.- 1.- Պատիհ Մոհամետ, 2.- Կի Գալուստ եւ 3.- Հրակ Ծատուրեան:
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.– 1.- Սիրին Անիս, 2.- Ռիմ Խըտըր եւ 3.- Ալիք Թենպելեան:
ՏՂԱՔ.– 1.- Մոհամետ Ժաուիշ, 2.- Արքատան Ատիպ եւ 3.- Ալի Թապաժա:
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- 1.- Նանօր Արնելեան, 2.- Սթեֆանի Կիրակոսեան եւ 3.- Ճենիֆըր Ապտալլա:
ՏՂԱՔ.- 1.- Ժորժ Այուպ, 2.- Քարլոս Պուլոս, 3.- Հրակ Լախեան:
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- 1.- Ճեսսի Գրիգորեան, 2.- Ասմա Հիժազի եւ 3.- Նաուալ Քիլանի:
ՏՂԱՔ.- 1.- Ճիօ Գալուստ, 2.- Սեմ Սալիպա եւ 3.- Համզա Մրատ:
16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ՏՂԱՔ.- 1.- Քարեն Շլալա, 2.- Փասքալ Պետրոսեան եւ 3.- Մայքըլ Ֆըրզլի:
18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
ՏՂԱՔ.- 1.- Քարիմ Համաուի, 2.- Ռալֆ Խէյրալլա եւ 3.- Հասան Ապտիւլլաթիֆ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամներուն եւ խաղացողներուն ընտանեկան պարագաներուն: