Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
30 տարեկան ֆութպոլիստին հետ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Նշենք, որ ան 2011-ին Շալքէէն միացաւ Պայէրն Միւնիխի: