Եուվենթուսի միջնապահ Քլաուտիօ Մարքիզիօ, որ Փալերմոյի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի մրցումին բաւական ծանր վնասուածք ստացաւ, շատ հաւանաբար բացակայի Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Եուվենթուս յայտնեց, որ ան պէտք է շատ արագ ժամանակամիջոցին վիրաբուժութեան ենթարկուի:
30 տարեկան միջնապահին ապաքինման համար, ըստ երեւոյթին, կը պահանջուի բաւական երկար ժամանակ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Եուրօ-2016-ը արդէն իսկ աւարտած կ՛ըլլայ: