Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար, Պրազիլի ողիմպիականի խումբին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռիօ-2016-ի խաղերուն:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 3-21 օգոստոսին:
Պարսելոնա, որ հրապարակեց այս լուրը, յայտնեց, որ ակումբը Նէյմարին կը թոյլատրէ մասնակցիլ ողիմպիական խաղերուն, բայց ոչ` «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին: