Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Հուփսի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, մինչ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ մրցակիցին դաշտը եւ քաջալերել իրենց կազմը:


