Ինչպէս ծանօթ է, 28 մայիսին Միլանի մէջ (Իտալիա) տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական մրցումը սպանական երկու խումբերու` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ զուտ սպանական այս ճակատումին, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկ:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան` Սայմըն Պեք եւ Ճեք Քոլին, իսկ բերդապահներուն ետեւի իրաւարարները` Անթոնի Թէյլըր եւ Անտրէ Մարինըր: 4-րդ իրաւարարն է Վիքթոր Քասայ (Սլովաքիա), իսկ անոր օգնականը` անգլիացի Սթիւըրթ Պերթ: