Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուեցան մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ արձանագրեց երրորդը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Նատուա Քամաթիէին:
Սակայն չորրորդ մրցումին ՀՄԸՄ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պարաղեմ Նապաթիէէն: