
«Ֆորպս» ներկայացուց աշխարհի ամէնէն շատ եկամուտ ունեցող ֆութպոլիստներուն եւ ֆութպոլի ամէնէն արժէքաւոր ակումբներուն ցանկը:
Աշխարհի դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ 82 միլիոն ամերիկեան տոլար: Բացի ատկէ, ան կը ստանայ յաւելեալ 29 միլիոն ամերիկեան տոլար` հովանաւորներէն եւ ծանուցումի եկամուտներէն:
Ռոնալտոյին կը յաջորդէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որուն եկամուտն է 77 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ (37 միլիոն ամերիկեան տոլար):
Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով` Ռէալ Մատրիտ ճանչցուեցաւ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլի ակումբը: Անոր արժէքը կը կազմէ 3,65 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Արքայական ակումբին կը յաջորդէ Պարսելոնա (3,56 միլիառ ամերիկեան տոլար), ապա յաջորդաբար` Մանչեսթըր Եունայթըտ (3,32), Պայէրն Միւնիխ (2,68) եւ Արսենալ (2,02):


