
Արսենալի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տենի Ուելպեք վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, յայտնեց Goal.com կայքը:
Ուելպեք, որ վիրաւորուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին, աւելի քան 5 ամսուան կարիքը ունի լաւապէս ապաքինելու համար:
Այս տարեշրջանին 25 տարեկան Ուելպեք լոնտոնեան կազմին հետ կատարեց 11 մրցում, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց կոլի երկու արդիւնաւէտ փոխանցում:


