
2013-ին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած, ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Դաւիթ Սաֆարեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն տոմս ապահովեց, յայտնեց Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի վարկանշային մրցաշարքին ընթացքին, աւարտական հանգրուան հասած Մոհամետմուրատ Կաճիեւ (Լեհաստան) եւ Անտրէյ Քվիաթքովսքի (Ուքրանիա) զրկուեցան ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ` նկատի ունենալով, որ անոնց վրայ կատարուած խթանիչ դեղերու քննութիւններուն արդիւնքները տուին դրական պատասխան:
Այսպիսով, անոնց փոխարէն Ռիօ պիտի մեկնին Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Սաֆարեան եւ Զուրապի Եաքուպուշվիլի (Վրաստան), յայտնեց ArmSport.am:
 
			

