Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Ռիատի Պէյրութ երկրորդ ճակատումը:
Երկու կազմերուն միջեւ առաջին ճակատումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին ջախջախիչ յաղթանակով. ան Մանարայի մէջ 86-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Այսօր եւս կ՛ակնկալուի, որ այդ յաղթական ընթացքը շարունակուի եւ ՀՄԸՄ արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը, մանաւանդ, որ իր կողքին ունի իր զօրաւոր բանակը` համակիրները:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ը: