10 սեպտեմբերին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի «իւրայատուկ մրցումը», որուն ընթացքին ֆութպոլի աստղեր, որոնք մաս կազմած են Ռէալ Մատրիտի` Միշել Սալկատոյի օրերուն, պիտի մրցին լիբանանցի աստղերու խումբին դէմ, որուն կազմը պատրաստած է Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար:
Անոր կազմին մէջ պիտի ըլլան Զիատ Սամատ, Եուսեֆ Մոհամետ, Ֆուատ Հիժազի, Ֆայսալ Անթար, Մուսա Հըժէյժ, Ապպաս Աթուէ եւ ուրիշներ:
Իսկ Սալկատօ նկատի առած է հետեւեալ մարզիկները (անոնց վրայ շատ հաւանաբար ուրիշներ ալ աւելնան). պրազիլցի Ռոպերթօ Քարլոս, փորթուգալցի Լուիս Ֆիկօ, Քարլես Փույոլ, Փոլ Սքոլզ եւ Ենս Լեհման:
Նշենք, որ ֆութպոլի այս «իւրայատուկ մրցումին» կազմակերպիչն է «Սփոր-Էվազիոն»-ը եւ անոր հետ կը գործակցի «Արապիքա Սփորթ» ընկերութիւնը:
Երէկ յայտարարուեցաւ, որ այս մրցումին տոմսերը արդէն իսկ հրապարակ իջած են եւ կը ծախուին «Լիպան Փոսթ»-ի եւ «Մալիքս Պուքշոփ»-ի մօտ:
Անոնց գիներն են` 30, 40, 60, 80 եւ 100 ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ որոշուեցաւ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտը օժտել յաւելեալ տասը հազար աթոռներով, որպէսզի կարելի ըլլայ հիւրընկալել լիբանանցի ֆութպոլասէրները: