ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կու գայ յայտնելու, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն պատճառով, ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի աւարտական երեք մրցումները եւ ընդհանուր խմբային մրցանակաբաշխումները, տեղի պիտի ունենան կիրակի, 22 մայիս 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
2001/2002/2003 Աղջիկներ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան-Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան 5:00
2000/2001 Տղաք Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան 6:00
1998/1999 Տղաք Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 7:00
8:00 Մրցանակաբաշխութիւն
Նախորդ տարեշրջանի (2014-2015) վահանակիր եւ այս տարեշրջանի (2015-2016) մրցանակակիր (մեծ ֆութպոլ, մինի ֆութպոլ, պասքեթպոլ, դաշտային խաղեր (խմբային) եւ փինկ փոնկ (խմբային) վարժարաններէն կը խնդրուի, որ վերոյիշեալ օրը ժամը 7:30-ին ներկայ գտնուին դաշտ` աշակերտները իրենց մարզական պատասխանատուներով եւ մարզիչներով, մասնակցելու մրցանակաբաշխութեան (պէտք է բերել շահած վահանը): Աշակերտները պարտին ներկայանալ դպրոցի մարզական տարազներով:
2015-2016 ԼԵՎԱՄ-ի մարզական տարեշրջանի առաջին հանգրուանի աւարտին, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր գործակցութեան, կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիր վարժարանները, կը գնահատենք բոլոր մասնակցողները, որոնք յաղթանակն ու պարտութիւնը կ՛ընդունին մարզական վեհ ոգիով: Մեծ յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի մեծ խանդով ու թափով սկսինք:
ԼԵՎԱՄ-ի այս տարեշրջանի երկրորդ եւ եզրափակիչ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 մայիս 2016-ին (յաւելեալ մանրամասնութիւն կը փոխանցենք յառաջիկայ օրերուն):
Յաջողութեան մաղթանքներով`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ