«Եուրոփա Լիկ». Աւարտական Մրցումին Իրաւարարները` Շուէտէն
18 մայիսին Պալի (Զուիցերիա) «Սենթ Եաքոփ Փարք»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Լիվըրփուլ եւ Սեւիլլա: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Շուէտէն` գլխաւորութեամբ Եունաս Էրիքսընի: Ան այս մրցաշարքին գծով Շախտիոր Տոնեցք - Պրակա մրցումին (7 ապրիլ) իրաւարարն էր:






