
Լոնտոնեան երկու կազմեր` Չելսի եւ Արսենալ, իրարու հետ բաւական սուր պայքարի մը սկսան Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ:
«Տէյլի Սթար» կը տեղեկացնէ, որ Արսենալ Մխիթարեանին առաջարկած է տարեկան աւելի քան 10 միլիոն եւրօ:
Եթէ Մխիթարեան այդ առաջարկը ընդունի, ապա պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 30 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ներկայ դրութեամբ, Մխիթարեան չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Տորթմունտի հետ:


