Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը մասնակցեցաւ Տաղստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային մրցաշարքի մը:
55 քկ դասակարգին մէջ, Մխիթար Գրիգորեան գերտպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով դարձաւ մրցաշարքի յաղթող` տիրանալով ոսկի մետալին:
Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Հայկ Բադալեան (50 քկ), Արման Անտոնեան (55 քկ), Տիգրան Մնացականեան (74 քկ), Սարգիս Յովսէփեան, Յովհաննէս Մխիթարեան (84 քկ) եւ Յովհաննէս Մաղաքեան (96 քկ):
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան ըսաւ, որ ընդհանրապէս գոհ էր ձեռք բերուած արդիւնքներէն, սակայն աւելին կը սպասէր իր տղոցմէն:
Ան եզրափակեց, որ յաւելեալ պատրաստութիւններ ձեռք ձգելու գծով կազմը 21 մայիսին ուսումնամարզական հաւաքի մը համար պիտի մեկնի Ծաղկաձոր:
Նշենք, որ Տաղստանի միջազգային մրցաշարքին (8-10 մայիս) մասնակցեցան 180 ըմբիշներ: