Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 78-75 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ռիատիէն` Երկարաձգումէն Ետք

May 13, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13183001_10154213023834429_1558898792_n

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Ռիատի երկրորդ ճակատումը:

ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին Մանարայի մէջ բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին երկարաձգումէն ետք 78-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (15-14, 34-24, 48-45, 68-68 եւ 75-78):

Մինչեւ երրորդ քորթըրին առաջին կէսը, ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ մրցում մը ցուցադրեց: Սակայն հետզհետէ պատկերը քիչ մը շրջուեցաւ` նկատի ունենալով, որ երրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ նշանակեց 14 կէտ, մինչ Ռիատի` 21 կէտ:

Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ յաջողեցաւ մինչեւ 12 կէտի առաւելութիւն մը ունենալ 41-29, մինչ Ռիատի առիթով մը` 4 կէտի առաւելութիւն մը (21-17):

Բաղդատած Ռիատիի, ՀՄԸՄ-ի ռիպաունտները եղան աւելի լաւ` 53, փոխան 43-ի:

ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 17, մինչ Ռիատիինները` 14:

ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կատարել 6 սթիլ, մինչ Ռիատի` 11:

Ինչ կը վերաբերի թրի փոյնթերուն, ՀՄԸՄ 35-էն 12-ը հասցուց իրենց նպատակին (34.3 տոկոս), մինչ Ռիատի` 35-էն 9-ը (25.7 տոկոս):

ՀՄԸՄ-ի մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն` 32 կէտ, ներառեալ` 5 թրի փոյնթ (10 փորձերէ ետք): Քեւին Կալըուէյ նշանակեց 14 կէտ, ներառեալ` 2 թրի փոյնթ (8 փորձերէ ետք), մինչ Ահմետ Իպրահիմ նշանակեց 13 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ (10 փորձերէ ետք):

Թէեւ Նորվել Փել նշանակեց 6 կէտ, բայց կատարեց 20 ռիպաունտ (մրցումին լաւագոյնը):

Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժահմար Եանկ (21 կէտ), ապա` Ալի Հայտար (17):

13230988_10154213024564429_1998094764_n

Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ֆաուզի Աշքութի եւ Ատել Խուէյրի:

Մրցումը տեւեց 1 ժամ 46 վայրկեան:

Այժմ երկու կազմերուն միջեւ մրցումը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:

Երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ:

Նշենք, որ Սաժես – Մութթահետ երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած Սաժեսի համակիրներու ներկայութեան, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 76-67 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրներուն ալ տիրապետեց Սաժես:

Սաժես, որ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Մութթահետը, այսօր ժամը 17:45-ին, Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Մութթահետի:

նկարները` PROFOTO

Նախորդը

Դաւիթ Սաֆարեան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Ապահովեց

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Զինադադարի Ճշդուած Ժամանակաշրջանի Աւարտով Կացութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Լարուած

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.