
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան աւարտական ճակատումները:
Աղջկանց տիտղոսին յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ Նատուա Քամաթիէ, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի:
Իսկ տղոց տիտղոսին չորրորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ Ժընուպ Թուլ, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ռիատի Պէյրութի:


