
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` ՀՄԸՄ-Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին 61-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին 58-52 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն (20-15, 28-26, 36-49 եւ 52-58):
Մինչեւ կիսախաղի աւարտը, ՀՄԸՄ լաւ ներկայացում մը կրցաւ ունենալ, ինչպէս նաեւ վերջին քորթըրին վերջին 5 վայրկեանին, երբ նշանակեց 8 կէտ, մինչ Ռիատի` 2:
Սակայն, երրորդ քորթըրին առաջին 5 վայրկեանին, Ռիատի նշանակելով 10 կէտ, որոշ չափով կրցաւ հեռանալ ՀՄԸՄ-էն:
Նոյնը շարունակուեցաւ նաեւ երրորդ քորթըրին երկրորդ կիսուն, երբ Ռիատի նշանակեց 13 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ` 3 կէտ:
Ռիատիի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Լամա Մուքատտեմ, որ նշանակեց 29 կէտ (ներառեալ 6 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ ետք):
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին հետեւեալ մարզիկները.
Ճոյս Սալիպա (7), Լէյլա Ֆարես (5), Նաթալի Սվաճեան (15), Սանտրա Նաժըմ (5), Սարին Օհանեան (1) եւ Այտա Պախոս (19):
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 արդիւնքով
Երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:


