
Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող եւ 51 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Անուշ Գրիգորեան, 1-8-րդ հանգրուանին պարտութիւն կրելով Ֆրանսան ներկայացնող Սարա Ուրահմունիէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այսպիսով Անուշ Գրիգորեան չյաջողեցաւ ապահովել Ռիոյի ողիմպիականի խաղերուն համար տոմս մը, որ կրնար ձեռք ձգել կիսաւարտական հասնելու պարագային:
Նշենք, որ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Աշխէն Յովհաննիսեան, պարտուեցաւ առաջին մենամարտին ընթացքին:


