
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ Մութթահետ-Սաժես եօթներորդ եւ վերջին ճակատումը:
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ տեղի կ՛ունենար եօթներորդ մրցումը` փլէյ-օֆի գծով:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Սաժեսի` 69-54 արդիւնքով (12-22, 27-37, 43-54 եւ 54-69): Սաժես այսպիսով ապահովեց աւարտականին իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սաժեսի մարզիկներէն Թերել Սթոկլին (23), իսկ անոր խմբակիցներ Էքենէ Իպեքուէ եւ Հայկ Կէօքճեան` յաջորդաբար 18 եւ 10 կէտ:
Մութթահետէն Ռամել Քերի նշանակեց 22 կէտ:
Նշենք, որ Մութթահետէն կը բացակայէր Մայք Թէյլըր (վիրաւոր):
 
			

