Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Եւ 5-րդ Մրցումներուն Նոր Յայտագիրը
Երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական 4-րդ եւ 5-րդ մրցումներուն թուականները փոփոխութիւն կրեցին: Սկզբունքով ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ 4-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենար երէկ: Սակայն, այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 4 յունիսին կէսօրէ ետք ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչ կը վերաբերի 5-րդ մրցումին (եթէ պէտք զգացուի), անիկա տեղի պիտի ունենայ...



