
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումին, դաշտին տէրը թէեւ գրեթէ տիրապետեց մրցումին, սակայն այդ տիրապետութիւնը յաղթանակ չապահովեց անոր, որովհետեւ մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Նաթալի Սվաճեան, պազըր-պիթըրով մը կերտեց ՀՄԸՄ-ի փայլուն յաղթանակը` 61-59 արդիւնքով (23-14, 32-31, 45-42 եւ 59-61):
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 44 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` 41: ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 15, մինչ Ռիատիինները` 17:
Ինչ կը վերաբերի թրի փոյնթերուն, ՀՄԸՄ 17-էն 4-ը հասցուց իրենց նպատակին (23,5 տոկոս), մինչ Ռիատի` 22-էն 7-ն (31,8 տոկոս):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան (22), ապա յաջորդաբար` Սանտրա Նաժըմ (11), Այտա Պախոս (9), Ճոյս Սալիպա, Լէյլա Ֆարես (5-ական), Սարին Օհանեան (4), Ֆէյ Փրենս (3) եւ Քաթերին Հաժ (2):
Նշենք, որ Այտա Պախոս ձեռք ձգեց 15 ռիպաունտ, իսկ Լէյլա Ֆարես` 11:
Նշենք, որ օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Փօլ Սքայեմ եւ Հալիմ Մանսուր:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 46 վայրկեան:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 26 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի վաղը ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտականի առաջին ճակատումին, այսօր ժամը 22:00-ին, Ռիատի Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: