
«Էն.Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականի չորրորդ ճակատումը` Թորոնթօ Ռեփթըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ:
Ռեփթըրզ 105-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հաւասարեցուց արդիւնքը` 2-2:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քայլ Լովրի նշանակեց 35 կէտ, մինչ Լեպրըն Ճէյմս` (Քաւալիրզ)` 29 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, Օքլահոմա Սիթի 133-105 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:
Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա) նշանակեց 33 կէտ, մինչ Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ)` 24 կէտ:


